Մեծի
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի վաղահաս ու անակնկալ վախճանումէն ետք,
Փետրուար 1963ին, 48 տարեկան հասակին, դպրեվանքի անոր դասընկերը՝ Խորէն
արք. Բարոյեանը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նաւը վարելու դժուարին
առաքելութիւնը ստանձնած է։ Նոյն տարուան Հոկտեմբերին, Երուսաղէմի
ողջագուրումը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի հետ պիտի դարմանէր այն
ճեղքը, որ յառաջացած էր Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՝ 1956ին Զարեհ Ա.ի ընտրութենէն
ետք։
Ապագայ
Կաթողիկոսը աւազանի անունով՝ Մեսրոպ, ծնած էր 24 Նոյեմբեր, 1914ին,
Նիկոսիա (Կիպրոս)՝ խարբերդցի ծնողներէ։ Իր մանկութիւնը Ատալիա գիւղը
անցնելէ ետք, ծննդավայրը վերադարձած էր 1927ին ու յաճախած «Մելիքեան» ազգ.
վարժարանը։ Աւարտելէ ետք, 1931ին մտած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
դպրեվանքը։ Շրջանաւարտ ըլլալով, 1935ին սարկաւագ ձեռնադրուած է, իսկ
1937ին՝ կուսակրօն աբեղայ՝ Խորէն անունով։ 1938ին ստացած է վարդապետական
կարգը։
Խորէն վարդապետ Կաթողիկոսարանին մէջ տարբեր պաշտօններ վարած է․- 1938-1942՝ դիւանապետ, գաւազանակիր, դպրեվանցի փոխտեսուչ եւ Տնօրէն Ժողովի անդամ․
1942-1947 վարած է Ճեզիրէի (Սուրիա) շրջանի առաջնորդական փոխանորդի
պաշտօնը։ Հոս արդէն ցոյց տուած է իր վարչական ձիրքերը, կազմակերպելով
շրջանի եկեղեցական, ընկերա-մշակութային եւ կրթական կեանքը այնպիսի շրջանի
մը, երբ Սուրիա անկախութեան պայքարի մէջ կը գտնուէր։ Միջոցին, 1946ին
ծայրագոյն վարդապետի կարգը բարձրացած է։
1947ին
Անթիլիաս վերադառնալով, Գարեգին Ա. կաթողիկոս զինք եպիսկոպոս ձեռնադրած է։
1947-1951ին վարած է Կաթողիկոսարանի երկու ամենէն կարեւոր պաշտօնները՝
լուսարարապետ եւ դրան եպիսկոպոս։ Դեկտեմբեր 1951ին ընտրուած է Լիբանանի
թեմի առաջնորդ։ Խորէն եպիսկոպոս անգամ այս անգամ ցոյց տուած է իր վարչական
ու շինարարական կարողութիւնը, վերանորոգելով ու շինելով նոր եկեղեցիներ ու
դպրոցներ։
1952ին
վախճանած Գարեգին Ա. կաթողիկոսի յաջորդին ընտրութիւնը երկարօրէն ձգձգուած
էր։ Հոկտեմբեր 1955ին Խորէն եպս. Բարոյեան ընտրուած է կաթողիկոսական
տեղապահ միաբանութեան ժողովին կողմէ, ու արագօրէն կազմակերպած է
ընտրութիւնը՝ Փետրուար 1956։ Ան նորընտիր Զարեհ Ա. կաթողիկոսի աջ բազուկը
պիտի դառնար։
Արքեպիսկոպոսական
կարգի արժանանալով 1956ին, Խորէն արք. Բարոյեան կաթողիկոսական նուիրակի
պաշտօնով այցելած է Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա, Հոկտեմբեր 1957էն մինչեւ
Յունիս 1958։ Ութամսեայ կեցութեան ընթացքին, բարձրաստիճան հոգեւորականը
երկրի բոլոր հայաշատ կեդրոնները այցելած է՝ պատարագելով, քարոզելով,
դասախօսելով եւ Կաթողիկոսարանի դերն ու առաքելութիւնը բացատրելով։
Կազմակերպական այս անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ, 1958ին ծնունդ առած է
Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի թեմը։ Հիւսիսային Ամերիկա այցելելէ ետք,
Խորէն արքեպիսկոպոս նաեւ այցելած է Յունաստանի, Թեհրանի, Սպահանի եւ
Ատրպատականի՝ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ մտած նոր թեմերը։
16 Ապրիլ 1969ին, ամերիկեան իր երկար այցելութեան ընթացքին, Խորէն Ա. Վեհափառ Հայրապետ կ՚այցելէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Ու Թանին։
|
Զարեհ
Ա. Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Խորէն արքեպիսկոպոս վերստին կաթողիկոսական
տեղապահ ընտրուած է ու կազմակերպած՝ երեք ամիս ետք տեղի ունեցած
ընտրութիւնը, որուն առաջին անգամ մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու,
Յունաստանի եւ Իրանի նոր թեմերու պատուիրակները։ Ընտրուելով Մեծի Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Խորէն Ա. օծուած է 12 Մայիս, 1963ին։ Վեհափառ
Հայրապետի քսանամեայ պաշտօնավարութիւնը յատկանշուած է Անթիլիասի մայրավանքն
ու Պիքֆայայի դպրեվանքը բարելաւելու եւ վերանորոգելու ճիգով։ Ան նաեւ
շինած է ժողովրդային բնարականներ Ֆանարի շրջանին մէջ, եւ հիմնարկէքը
կատարած՝ Ազգային Ծերանոցին։ Կատարած է տարբեր թեմերու այցելութիւններ,
ներառեալ՝ չորս ամսուան այցելութիւն մը Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա
(1969)։ Ան նաեւ հանդիպած է Պօղոս Զ. Պապին Վատիկանի մէջ՝ 1967ին,
միաժանանակ աշխատելով Կաթողիկոսարանի տեսանելիութիւնը բարձրացնել թէ՛ Հայ
Կաթողիկէ ու Աւետարանական եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններուն եւ թէ՛
միջ-եկեղեցական ծիրէն ներս։
Խորէն
Ա. Կաթողիկոսի առողջութիւնը իր խանգարման առաջին նշանները ցոյց տուած է
սրտի հարցերով՝ 1969ի ամերիկեան շրջապատոյտի ընթացքին։ 1977ին, Վեհափառի
քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակի տօնակատարութենէն ետք, Միացեալ
Նահանգներու եւ Քանատայի թեմի առաջնորդ՝ Գարեգին արք. Սարգիսեան ընտրուած է
աթոռակից կաթողիկոս։ Ան պիտի դառնար Խորէն Ա.ի յաջորդը վերջինիս մահէն
ետք՝ 9 Փետրուար 1983ին, նոր էջ մը բանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան դարաւոր պատմութեան մէջ։