Saturday, April 13, 2019

Լենինի արձանին տապալումը (13 Ապրիլ, 1991)

Խորհրդային ժամանակներուն, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը Լենինի հրապարակ կը կոչուէր, ու Խորհրդային Միութեան հիմնադիր՝ Վլատիմիր Լենինի հսկայական արձան մը հրապարակի տիրական առանձնայատկութիւնն էր աւելի քան կէս դար։

Արդի Երեւանի իր նախագիծերուն մէջ, ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան ապագայի արձանին տեղը որոշած էր հրապարակին ու քաղաքի ծառուղիին (ներկայ Վ. Սարգսեանի փողոց) խաչմերուկին վրայ։ 1920ական թուականներու վերջերուն, երկու մեթր բարձրութեան կոթող մը զետեղուած էր հոն՝ արձանի ապագայ տեղադրութիւնը նշող արձանագրութեամբ։
 
Լենինի արձանին բաց մրցոյթ մը տեղի ունեցած էր 1938ին։ Յաղթականներ հանդիսացած էին Խ. Միութեան ժողովրդական նկարիչ՝ Սերգէյ Մերկուրով (1881-1952) եւ երկու երիտասարդ ճարտարապետներ, որոնք Թիֆլիս կ՚ապրէին՝ Լեւոն Վարդանով (Վարդանեան) ու Նաթալիա Փարեմուզովա ամոլը։

Ըստ նախագծի, կոթողը 18 մեթր բարձրութիւն պիտի ունենար, ներառեալ՝ պատուանդանը։ Մերկուրով մերժած է արձանը ձուլածոյ պրոնզով պատրաստել, անոր բարձրութեան (7 մերթ) պատճառով, եւ առաջարկած՝ կռածոյ պղինձ գործածել։ Վարդանով-Փարեմուզովա զոյգը նախագծած է կրանիթեայ պատուանդանը՝ հայկական աւանդական զարդարուեստի հիմամբ, ներշնչուելով Գօշ գտնուած խաչքարէ մը։

Արձանին տեղադրումը տեղի ունեցած է 24 Նոյեմբեր, 1940ին, Հայաստանի խորհրդայնացման 20ամեակին առիթով։ Այս մէկը նկատուած էր իբր Լենինի լաւագոյն արձաններէն մէկը՝ ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ։ Հրապարակի նախագիծը 1970ին շահած է Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակը, իսկ Լ. Վարդանեան (յետմահու) եւ Ն. Փարեմուզովա նոյնպէս ստացած էին այդ մրցանակը՝ պատուանդանին համար։
Տարին երկու անգամ, Մայիս 1ին (աշխատաւորներու օր) եւ Նոյեմբեր 7ին (Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան տարեդարձ), խորհրդահայ ղեկավարութիւնը կը կանգնէր երեք ամպիոններուն վրայ, որոնք շինուած էին պատուանդանին վրայ՝ աշխատաւորներու շքերթը ողջունելու համար։ Տասը տարին անգամ մը, անոնց կը միանային միւս տասնըչորս խորհրդային հանրապետութիւններուն առաջին քարտուղարները, որոնք Երեւան կը հասնէին մասնակցելու Խորհրդային Հայաստանի 40ամեակին (1961), 50ամեակին (1970) եւ 60ամեակին (1980)։ Զանոնք նախորդած էին երկրի գերագոյն ղեկավարները՝ 1961ին Նիկիտա Խրուշչեւ եւ 1970ին Լէոնիտ Պրեժնեւ։ Նմանօրինակ վերջին շքերթը տեղի ունեցած է 1988ի Նոյեմբերին։

Անկախութեան հռչակագրէն ետք (23 Օգոստոս, 1990), ուր Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը կու գար փոխարինուելու Հայաստանի Հանրապետութեամբ, ընդամէնը ժամանակի հարց էր, որպէսզի Լենինի արձանը պատմութեան յանձնուէր։ Երեւանի քաղաքային խորհուրդը, 28 Մարտ, 1991ի նիստին, որոշած է արձանը կազմաքանդել՝ երկու դէմ եւ չորս ձեռնպահ քուէներով։ Գործողութիւնը տեղի ունեցած է՝ 13 Ապրիլին։

Անհրաժեշտ գործիքներով, արձանին գլուխը անջատուած է մարմինէն, մինչ բազմութիւն մը խանդավառօրէն կը հետեւէր համայնավար վարչակարգի խորհրդանիշերէն մէկուն տապալումին։ Արձանին երկու մասերը տարիներով մնացած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահի բակին մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ գլուխը պահուած է պատկերասրահի պահեստին մէջ։ 

Դատարկ պատուանդանը իր տեղը մնացած է մինչեւ Յուլիս 1996, երբ հանրապետութեան կառավարութիւնը Երեւանի իշխանութիւններուն թոյլատրած է անոր կազմաքանդումը։ Պատուանդանին մնացորդները կը պահուին քաղաքապետարանի պահեստին մէջ՝ Չարբախի շրջանը։