Saturday, January 26, 2019

Շաւարշ Միսաքեան (մահ՝ 26 Յունուար, 1957)

Շաւարշ Միսաքեանի անունը կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայ մամուլի եւ Սփիւռքի գոյութեան սկզբնական շրջանի պատմութեան մէջ։

Ծնած է Օգոստոս 1884ին՝ Ս. Աստուածածնի տօնի օրը, Զիմառա գիւղին մէջ, Սեբաստիոյ մօտերը։ 1890ին իր ընտանիքով փոխադրուած է Պոլիս, ուր ուսանած է Կեդրոնական վարժարանին մէջ, եւ լրագրական ասպարէզին մէջ նետուած է 16 տարեկանին, աշխատելով «Սուրհանդակ» օրաթերթին մէջ (1899-1908)։

1900ական թուականներուն, հրատարակած ու տարածած է յեղափոխական գրականութիւն, աշխատակցելով «Դրօշակ»ին եւ «Ռազմիկ»ին։ 1907ին մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը։ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք, 1908-1909ին հրատարակած է «Ազդակ» շաբաթաթերթը Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ։ Հիմնած է «Արծիւ» գրատունը, որ նաեւ հրատարակչական դեր ունեցած է։

1911-1912ին Շ. Միսաքեան խմբագրած է «Յառաջ» դաշնակցական օրաթերթը Կարինի մէջ, իսկ այնուհետեւ վերադարձած է Պոլիս, ուր «Ազատամարտ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ եղած է։ Խոյս տալով Ապրիլ 24ի ձերբակալութիւններէն, մօտ տարի մը ապրած է թաքստոցներու մէջ, ազատութեան մէջ գտնուող խումբ մը շարքայիններ գլխաւորելով, որպէս կուսակցական մարմին։ Արժէքաւոր տեղեկութիւններ եւ յօդուածներ հայթայթած է Սոֆիայի «Հայաստան» թերթին՝ ընթացող ճնշումներուն, աքսորներուն եւ ջարդերուն մասին։ Օսմանեան իշխանութիւնները, չկարենալով զինք գտնել, հայրը աքսորած են Գոնիա, բայց ան յաջողած է փախչիլ։ Շ. Միսաքեան պուլկարացի լրտեսի մը դաւաճանութեամբ ձերբակալուած է 26 Մարտ 1916ին, երբ կը փորձէր Պուլկարիա անցնիլ։ Բանտարկուած ու տանջանքներու ենթարկուած է։ Փորձած է փախչիլ՝ բանտի երրորդ յարկէն վար նետուելով, բայց ոտքը կոտրած ու բռնուած է։ Մահուան դատապարտուելով, մահավճիռը փոխարինուած է հինգ տարուան բանտարկութեամբ։ Ազատ արձակուած է Մուտրոսի զինադադարէն ետք (30 Հոկտեմբեր 1918)։

1918-1922ին Միսաքեան «Ճակատամարտ» օրաթերթի խմբագրապետը եղած է։ 1919ին ճամբորդած է Հայաստան, ուր Հ. Յ. Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժողովին մասնակցած է։ Քեմալական արշաւանքի հետեւանքով, Նոյեմբեր 1922ին լքած է Պոլիսը, ապաստան գտնելով Սոֆիա, ուր ամուսնացած է Տիրուհի Ազարեանի հետ, զոր ճանչցած էր «Ճակատամարտ»ի մէջ։ Նոյեմբեր 1924ին ղրկուած է Փարիզ, ուր մասնակցած է կուսակցութեան 10րդ Ընդհանուր Ժողովին (1924-1925) եւ ընտրուած՝ Բիւրոյի անդամ, մինչեւ 1933։

Օգոստոս 1925ին Շաւարշ Միսաքեան հրապարակ կը հանէր «Յառաջ» երկօրեան իբրեւ անձնական հրատարակութիւն, որ 1927ին օրաթերթ պիտի դառնար։ Օրաթերթը ֆրանսահայութեան ձայնը պիտի դառնար շուտով, ապահովելով մինչեւ 5.000ի տպաքանակ մը, եւ «Շ.» ստորագրութեամբ խմբագրականները յատկապէս կը փնտռուէին ընթերցողներուն կողմէ։ «Յառաջ» նաեւ դարձած է հաւաքավայրը երիտասարդ գրողներու սերունդին, որ յետագային յայտնի պիտի դառնար «Փարիզի տղաք» անունով։ Ան լոյս տեսած է առանց ընդհատումի մինչեւ Փարիզի գրաւումը նացիներու կողմէ, երբ Միսաքեան որոշած է թերթը փակել (Յունիս 1940)՝ գերմանական գրաքննութեան չենթարկուելու համար։

«Յառաջ» վերսկսած է իր հրատարակութիւնը Ապրիլ 1945ին, Փարիզի ազատագրումէն ետք։ Ութ ամիս ետք, Դեկտեմբեր 1945ին լոյս տեսած խմբագրականով, Շաւարշ Միսաքեան գրեթէ անծանօթ genocide բառին հայերէնը հրապարակ կը հանէր՝ «ցեղասպանութիւն», որուն առաջին ու յաճախակի գործածողներէն պիտի ըլլար մամուլին մէջ։ Նոյն տարին, «Յառաջ»ի խմբագիրը հիմնած է Հ. Յ. Դ. «Նոր Սերունդ» երիտասարդական կազմակերպութիւնը եւ անոր պաշտօնաթերթը՝ «Հայաստան», որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ հիմա։

Շաւարշ Միսաքեան խմբագրած է իր թերթը մինչեւ վերջին օրը։ Իր մահկանացուն կնքած է 26 Յունուար, 1957ին եւ թաղուած՝ Փէր Լաշէզ գերեզմանատան մէջ։ Իր դուստրը՝ Արփիկ Միսաքեան, զինք յաջորդած է թերթի հրատարակութեան մէջ, ու զայն լոյս ընծայած՝ 52 տարի, մինչեւ Մայիս 2009, հետեւելով հօր աւանդութիւններուն։

Շ. Միսաքեան 1934ին «Յառաջ»ի մէջ թերթօնով հրատարակած էր «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» յուշագրութիւնը՝ 1915-1918ի օրերուն մասին, որ առանձին հատորով լոյս տեսած է 1957ին, իսկ մամուլի մէջ սփռուածյօդուածներու ժողովածու մը՝ «Օրեր եւ ժամեր» խորագրով, հրատարակուած է 1958ին։ Արփիկ Միսաքեանի թարգմանութեամբ, յուշագրութիւնը ֆրանսերէնով լոյս տեսած է 2015ին։ Փարիզի 9րդ թաղամասին մէջ, հրապարակ մը Շաւարշ Միսաքեանի անունով կոչուած է 2007ին։