Tuesday, January 22, 2019

Առնօ Բաբաջանեան (ծնունդ՝ 22 Յունուար 1921)

Առնօ Բաբաջանեան Խորհրդային Հայաստանի ամենէն կարեւոր երաժիշտներէն մէկն էր, բայց նաեւ լաւ ծանօթ էր Խորհրդային Միութեան մէջ, յատկապէս որպէս փայլուն դաշնակահար։
 
Ծնած է Երեւան, 22 Յունուար, 1921ին։ Մանկութեան ընկերը՝ երգահան Ալեքսանդր Յարութիւնեանը, յիշած է, թէ հինգ կամ վեց տարեկանին, ապագայ երաժիշտը փորձած է լրջօրէն նուագել մանկապարտէզի հին դաշնակին վրայ։

Բաբաջանեան պատմած է Արամ Խաչատուրեանի հետ իր առաջին հանդիպումին մասին։ Մանկապարտէզի տարիներուն, «Սուրերու պար»ի յօրինողը՝ Ա Խաչատուրեան, այցելութիւն մը տուած է ու խնդրած, որ երեխաները երգէին՝ անոնց երաժշտական լսողութիւնը գնահատելու համար։ Փոքրիկ Առնոն կ՚երգէր ու գետինը կը զարնէր միաժամանակ։ Խաչատուրեանը ապշած էր, յայտնելով, թէ այդ երեխան պէտք է անպայման երաժշութեամբ զբաղէր։

1929ին Բաբաջանեան մտած է Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին կից գործող երաժշտական դպրոցը, իսկ յաջորդ տարի գրած է իր առաջին յօրինումը՝ «Պիոներական մարշ», զոր Եղիշէ Չարենց օգնած է հրատարակել։ Այնուհետեւ, ան մեկնած է Մոսկուա, ուր մէկ անգամէն ընդունուած է Գնեսինեան ուսումնարանի վերջին դասարանը։ Ուսումնարանը աւարտելէ ետք, ուսանած է Մոսկուայի Չայկովսկիի անուան երաժշտանոցը (յատուկ դաշնակի բաժինը)։ 1942ին վերադառնալով Երեւան, մտած է պետական երաժշտանոց, զոր աւարտած է 1947ին, իսկ յաջորդ տարի նոյնպէս աւարտած է Մոսկուայի Չայկովսկիի անուան երաժշտնոցը։ Մինչ այդ, 1946-1948ին իր ուսումը կատարելագործած է Մոսկուայի Հայաստանի Մշակոյթի Տան կից արուեստանոցին մէջ։ Ան դարձած է նշանաւոր դաշնակահար մը, որ նշանաւոր էր իր սեփական գործերու կատարումներով։ Հայաստան վերադառնալով, 1950-1956ին Բաբաջանեան դասաւանդած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ, որմէ ետք հաստատուած է Մոսկուա, ուր պիտի ապրէր ու աշխատէր մինչեւ կեանքին վերջը։

Անոր բնատուր տաղանդն ու վառ երաժշտական պատկերը զինք դարձուցած են խորհրդային երաժշտութեան հանրածանօթ դէմք մը։ Իր կազմաւորման տարիներուն, Բաբաջանեանի ոճը կրած է Խաչատուրեանի եւ Սերգէյ Ռախմանինովի ազդեցութիւնը, ինչպէս կը յայտնուի վաղ շրջանի յօրինումներուն մէջ, ինչպէս դաշնակի (1944) եւ ջութակի՝ նուախումբի համար (1949) համերգներուն մէջ։ Անոր կոթողական «Հերոսական բալլադ»ը (1950) տարի մը ետք Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին արժանացաւ։ Նոյն տարին, ան Ալ. Յարութիւնեանի հեղինակակցութեամբ յօրինեց լայն ժողովրդականութիւն վայելող «Հայկական ռապսոդիա»ն։ Դաշնակի ու ջութակի սոնաթը (1959) եւ թաւջութակի համերգը (1962) ուժական երաժշտական լեզուով եւ ուժեղ հակադրութիւններով բնորոշուած են։ Բաբաջանեանի դաշնակի յօրինումներէն շատեր, ինչպէս՝ «Էլեգիա» եւ «Վաղարշապատի պար», ամբողջ աշխարհի հայ դաշնակահարներու նախասիրած կտորներէն են։ 1960ին երգահանը Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի, իսկ 1971ին՝ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսները ստացած է։ Ան շահած է Հայաստանի պետական մրցանակը 1966ին՝ նորարարական «Վեց պատկեր» գործին համար (1965)։

Բաբաջանեան աշխատած է երաժշտական տարբեր սեռերով՝ դասական, էսդրատային եւ ճազ։ Գործակցած է ռուս լաւագոյն բանաստեղծներու հետ, ինչպէս Եւգենի Եւտուշենկօ, Անդրէյ Վոզնեսենսկի եւ Ռոբերտ Ռոժդեսվենսկի, յօրինելով ռուսերէն երգեր, բայց նաեւ յօրինած է էսդրատային ու ճազի երգեր՝ հայերէնով, որոնք լայն ժողովրդականութիւն վայելած են ատենին։ Ան գրած է Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներուն վրայ է» թատերախաղին երաժշտութիւնը, ինչպէս եւ բազմաթիւ համբաւաւոր շարժանկարներու երաժշտութիւնները՝ «Որոտման արահետներով» (1956), «Անձամբ ճանաչում եմ» (1957), «Առաջին սիրոյ երգը» (1958, համահեղինակ՝ Ղազարոս Սարեան), «Հարսնացուն հիւսիսից» (1975), «Երջանկութեան մեխանիկան» (1982, Հայաստանի պետական մրցանակ 1983ին) եւ այլն։

Առնօ Բաբաջանեան մահացած է Մոսկուայի մէջ, 11 Նոյեմբեր, 1983ին։ Մայրաքաղաքի փողոցներէն մէկը անոր անունը կը կրէ, ինչպէս եւ Կարապներու լիճին մօտ զետեղուած է իր արձանը։