Սփիւռքահայ
գրականութեան լաւագոյն դէմքերը համախմբուած էին Ֆրանսայի մէջ
1920-1930ական թուականներուն։ Շահան Շահնուրի, Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Վազգէն
Շուշանեանի կողքին, Զարեհ Որբունիի անունը, թէեւ աւելի նուազ ծանօթ
ընթերցողին, պիտի արժանանար որոշ ուշադրութեան մինչեւ 1970ական
թուականները։
Բուն
անունով Զարեհ Էօքսիւզեան, Որբունի ծնած է Օրտու (Թուրքիա), Սեւ ծովու
ափը, 24 Մայիս 1902ին։ Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն «Մովսէսեան»
դպրոցին մէջ։ Հայրը զոհ դարձած է Մեծ Եղեռնին, բայց մայրը յաջողած է իր
չորս զաւակներով փախուստ տալ եւ ապաստան գտնել Սեւաստոպոլ (Խրիմ)։ Ա.
Աշխարհամարտի աւարտին, ընտանիքը փոխադրուած է Կ. Պոլիս, ուր Զարեհ յաճախած է
«Պէրպէրեան» վարժարանը 1919-1922ին։ Ան իր առաջին գործերը հրատարակած է
«Ժողովուրդի Ձայնը» օրաթերթին մէջ, Զարեհ Որբունի ստորագրութեամբ (թրքերէն էօքսիւզ բառին հայացումը)։
Հազարաւոր
հայերու շարքին, որոնք քեմալական շարժումէն փախուստ կու տային, Որբունի ու
իր ընտանիքը Ֆրանսա ապաստան գտած են Օգոստոս 1922ին։ Երկու տարի Մարսէյլ
մնալէ ետք, 1924ին ապագայ գրագէտը անցած է Փարիզ։ Նոյն տարին, «Նոր Հաւատք»
անունով գրական կարճատեւ պարբերական մը հրատարակած է ուրիշ խոստմնալից
երիտասարդի մը՝ Պետրոս Զարոյեանի հետ (1903-1986)։ Որբունի որոշ շրջան մը
ֆրանսական համայնավար կուսակցութեան անդամակցած է, 1930ական թուականներուն
լքելով զայն։
Ֆրանսահայ
մամուլին աշխատակցութեան կողքին, Որբունի յղացած է «Հալածուածները»
վիպաշարքը, որուն առաջին հատորը՝ «Փորձը», լոյս տեսած է 1929ին։ Հոն
ներկայացուած է Մարսէյլ հաստատուած հայ գաղթական ընտանիքի մը դժուար
կեանքը՝ բոլորովին օտար միջավայրի մը ներգործութեան տակ։
Որբունի
մտած է «Մենք» խումբին մէջ, որ 1931-1932ին հրատարակած է համանուն
հանդէսը՝ գրական հասկացութիւններու յեղաշրջում մը յառաջացնելու նպատակով։
Արդէն 1930ին ան փոխադրուած է Սթրազպուրկ, ուր պիտի մնար մինչեւ 1937։
Վերադառնալով Փարիզ, 1938-1939ին հրատարակած է «Լուսաբաց» անունով ուրիշ
գրական թերթ մը Զարոյեանի հետ։ «Վարձու սենեակ» պատմուածքներու հատորը
տպուած է 1939ին, բայց միայն հրապարակ ելած է պատերազմէն ետք։ Արդարեւ,
Որբունի զինուորագրուած է ֆրանսական բանակին մէջ, բայց գերի ինկած է
գերմանացիներուն ձեռքը եւ Մակտեպուրկ մնացած՝ մինչեւ 1945։
Փարիզ
վերադարձին, 1946ին Որբունի հրաւիրուած է Հայաստանի՝ խորհրդահայ գրողներու
Բ. Համագումարին, իբրեւ սփիւռքահայ հիւրերէն մէկը։ Իր տպաւորութիւնները
հրատարակած է «Դէպի երկիր» հատորով (1947)։ Գրականութեան վերադարձած է
պատմուածքներու երկրորդ հատորով մը՝ «Անձրեւոտ օրեր» (1958), որուն հետեւած
է ուրիշ հաւաքածոյ մը՝ «Գոհարիկ եւ ուրիշ պատմուածքներ», 1966ին։
Այս
պատմուածքները յատկանշուած են կերպարներու հոգեվիճակի հետազօտութեամբ,
դառնալով տեսակ մը նախափորձ՝ 1960ական թուականներուն վիպական մեծ գործերու
վերադարձին համար։ Արդարեւ, աւելի քան երեք տասնամեակ ետք, Որբունի կը
վերադառնար վիպագրութեան, առաջին հերթին՝ «Եւ եղեւ մարդ» վէպով (1964), որ
«Հալածուածներ»էն անկախ գործ մըն էր, ուր սակայն արդէն կը գծուէին ապագայ
գործերը։ 1967-1974ին ֆրանսահայ գրագէտը լոյս պիտի ընծայէր իր եօթը
հատորնոց շարքէն երեք հատոր՝ «Թեկնածուն» (1967), «Ասֆալթը» (1972) եւ
«Սովորական օր մը» (1974), որոնք իր արտադրութեան ամենէն կարեւոր մասը կը
ներկայացնէր, սփիւռքեան ինքնութեան աննախադէպ հարցադրումներով։ «Եւ եղեւ
մարդ» վերնագրով ժողովածու մը, որ կը ներառէր համանուն վէպը, ինչպէս եւ
«Փորձը» ու պատմուածքներու շարք մը, լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, 1967ին։
Որբունի
իր մահկանացուն կնքած է Դեկտեմբեր 1, 1980ին, Պանեօ փարիզեան արուարձանին
մէջ։ «Հալածուածներ»ու շարքէն երկու հատոր՝ «Մահազդ» եւ «Զի քո է
կարողութիւն», լոյս տեսած է «Կամ» վերլուծական հանդէսին մէջ (1980 եւ
1982), մինչ վերջին՝ եօթներորդ հատորը անտիպ կը մնայ։ Որբունիի գործը
վերջին տասնամեակներուն սկսած է գրաքննադատական հետաքրքրութեան արժանանալ,
իսկ 2016ին Սիրաքիւզի համալսարանի հրատարակչատունը լոյս ընծայած է առաջին
թարգմանութիւնը՝ «Թեկնածուն» վէպը անգլերէնով, Ճէնիֆր Մանուկեանի եւ Իշխան
Ճինպաշեանի կողմէ։