Անտոն
Քոչինեան կարեւոր, սակայն անտեսուած դէմք մըն է յետ-ստալինեան Հայաստանի
պատմութեան մէջ, հակառակ մօտ երկու տասնամեակի իր գործունէութեան՝
պետական-կուսակցական ամենաբարձր ոլորտին մէջ։
Ծնած
էր Շահալի (այժմ՝ Վահագնի) գիւղը, Լոռիի մէջ, 25 Հոկտեմբեր 1913ին,
երկրագործի մը ընտանիքին մէջ։ Գիւղական դպրոցը ուսանելէ ետք, 1928ին մուտք
գործած է Համայնավար Կուսակցութեան երիտարդական միութեան (Կոմերիտմիութիւն)
մէջ եւ անոր դպրոցը յաճախած՝ մինչեւ 1931։ Այնուհետեւ, մէկ տարի Թիֆլիսի
հայկական մանկավարժական ուսումնարանը անցնելէ ետք (1932-1933), ղրկուած է
Երեւանի Կոմերիտմիութեան երկրագործական դպրոցը (1933-1935)։
Քոչինեան
երկու տարի աշխատած է Տաւուշի եւ Վայոց ձորի շրջանային թերթերու
խմբագրութիւններուն մէջ (1935-1937), որմէ ետք արագօրէն բարձրացած է
կուսակցական շարքերուն մէջ։ Նախ՝ Ազիզբեկովի (Սիւնիք) շրջանային կոմիտէի
քարոտւղար եղած է (1937-1939), իսկ ապա՝ անձնակազմի քարտուղար եւ
համայնավար երիտասարդական միութեան Կեդր. Կոմիտէի առաջին քարտուղար։ 1940ին
Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի անդամ ընտրուած է, իսկ
1941-1943ին Երեւանի եւ Կոտայքի շրջանային կոմիտէներ գլխաւորեց։
1944-1946ին
Մոսկուայի կուսակցական կազմակերպիչներու դպրոցը իբրեւ ունկնդիր յաճախելէ
ետք, 1946ին Քոչինեան Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան երրորդ քարտուղար
ընտրուած է, իսկ տարի մը ետք՝ անձնակազմի քարտուղար։
Քոչինեանի
կեանքի ամենէն կարեւոր շրջանը սկսած է Նոյեմբեր 1952ին՝ Նախարարաց
Խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք։ Վարչապետի այս պաշտօնը ան վարած
է գրեթէ տասնչորս տարի՝ Գրիգոր Յարութիւնեանի (1937-1953), Սուրէն
Թովմասեանի (1953-1960) եւ Եակով Զարոբեանի (1960-1966) շրջաններուն իբրեւ
կուսակցութեան առաջին քարտուղար։ Փետրուար 1966ին, Մոսկուայի
ղեկավարութիւնը Քոչինեանը ընտրեց Զարոբեանը փոխարինելու համար՝ Մեծ Եղեռնի
50ամեակի զանգուածային ու աննախընթաց ցոյցերէն ետք։
Իր
աւելի քան երկու տասնամեակներուն իբրեւ վարչապետ եւ առաջին քարտուղար,
Քոչինեան արձանագրած է իրագործումներու կարեւոր շարք մը։ Առաջին քարտուղարի
իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, Խորհրդային Հայաստանը ստացած է
համախորհրդային իր հինգ շքանշաններէն երեքը՝ տնտեսական գործունէութեան
բարձր ցուցանիշեր արձանագրելու համար (1968, 1970 եւ 1972)։ Նոյնինքն
Քոչինեանը երկու անգամ Լենինի շքանշանով պարգեւատրուած է։
Հայաստանի
տնտեսական բարգաւաճումը հիմնուած էր ճարտարարուեստական զարգացման ծրագրի
մը վրայ։ Ասիկա ներառած է քիմիական գործարաններու շինութիւնը Ալավերդիի եւ
Կիրովականի (ներկայիս՝ Վանաձոր) մէջ, Հրազդանի եւ Չարենցաւանի
ճարտարուեստական համալիրներուն ստեղծումը, Սեւանի եւ Դիլիջանի
գործարաններու շինութիւնը, ինչպէս եւ հում նիւթերու եւ արտադրութեան
փոխադրութիւնը ապահովող երկաթուղին։ Երեւանի «Երազ» բեռնակառքերու
գործարանը (1964) եւ Աբովեանի ելեկտրոնային գործարանները այս շրջանի
յաւելումներ եղած են։ Ելեկտրականութիւնը արտադրութիւնը բազմացած է Երեւանի,
Կիրովականի, Հրազդանի ու Տաթեւի կայաններու շինութեամբ։ Արփա-Սեւան
կենսական փապուղիի շինարարութիւնը սկսած է 1963ին։ Քոչինեանի գործօն
մասնակցութիւն ունեցած է Մեծամօրի հիւլէական կայանի շինարարութեան որոշման
մէջ (1969), որ Հայաստանը պիտի տանէր դէպի ուժանիւթի ինքնաբաւութիւն։
Այգիներու հազարաւոր հեկտարներ ցանուած են, որոնց եկած են աւելնալու
Ապարանի ջրանցքը եւ Գառնիի ջրամբարը։ Այս ժամականակաշրջանին հետ կապուած է
Երեւան-Սեւան մայրուղիին եւ Կապան-Գորիս ճանապարհին շինութիւնը։
Առողջարաններու,
պիոներական ճամբաներու եւ հանգստեան գօտիներու ցանցի մը կողքին,
1960ականներուն շինուած է Ծաղկաձորի մարզական համալիրը, ուր խորհրդային
ձմեռնային մարզաձեւերու հաւաքականները պիտի մարզուէին։ 1970ականներուն
Երեւանի կարգ մը հանրային գործեր սկսած են, ինչպէս «Զուարթնոց» օդակայանի
ընդարձակումը (1973), «Հրազդան» մարզադաշտի (1971) եւ «Ռոսիա» շարժապատկերի
սրահի շինութիւնը (1970)։ 1972ին սկսած է գետնուղիի (մեթրոյի) շինութիւնը։
Քոչինեան
նոյնպէս կարեւոր դեր խաղացած է Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի (1967),
Սարդարապատի հերոսամարտի յուշակոթողի (1968), եւ Էրեբունիի թանգարանի
(1968) շինութեան գործին մէջ։ Վերջինը զուգադիպած է Երեւանի հիմնադրութեան
2750ամեակին։ Խորհրդահայ գործիչը 1966ին բարձրացուցած է Արցախի հարցը
Մոսկուայի իշխանութիւններուն առջեւ։
Նոյեմբեր
1974ին, Անտոն Քոչինեան փոխարինուած է Կարէն Դեմիրճեանի կողմէ՝
«ղեկավարման լուրջ թերութիւնների» պատրուակով, եւ փաստօրէն մնացած է անգործ
մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Մահացած է Դեկտեմբեր 1, 1990ին։ Ծննդեան
հարիւրամեակին, երկու կիսանդրիներ բացուած են Երեւանի եւ Քոչինեանի
ծննդավայր Վահագնիի մէջ։