Աւետիք
Իսահակեանի անունը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր ժողովրդականութիւնը պահել,
յատկապէս իր բանաստեղծութիւններով, որոնցմէ շատեր երգի վերածուած են։
Իսահակեան
ծնած էր Ալեքսանդրապոլ (այսօր Գիւմրի) 30 Հոկտեմբեր 1875ին։ Մանկութիւնն
ու պատանեկութիւնն անցան շրջակայ Ղազարապատ (այժմ՝ Իսահակեան) գիւղին մէջ։
Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանը ուսանելէ ետք, 1893-1895-ին ան իբրեւ ազատ
ունկնդիր հետեւած է Լայփցիկի համալսարանի (Գերմանիա) դասընթացքներուն։
Իր
գրական առաջին փորձերուն առընթեր, ապագայ բանաստեղծը քաղաքական
գործունէութեան մէջ մխրճուեցաւ։ Ալեքսանդրապոլ վերադառնալով 1895ին, ան Հայ
Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեղական կոմիտէին անդամակցեցաւ։ 1896ին
ձերբակալուեցաւ ռուսական ոստիկանութեան կողմէ եւ մէկ տարի բանտարկութեան
դատապարտուեցաւ Երեւանի բերդին մէջ։
Ազատ
արձակուելէ ետք, 1897ին Իսահակեան դարձեալ արտասահման մեկնեցաւ, այս անգամ
Զուիցերիա, ուր գրականութեան ու փիլիսոփայութեան պատմութեան դասերու
հետեւեցաւ իբրեւ ունկնդիր Ցիւրիխի համալսարանին մէջ։ Տարի մը ետք, ան
հրատարակեց իր առաջին գիրքը՝ «Երգեր եւ վէրքեր»։ 1902ին հայրենիք
վերադառնալով, այնուհետեւ Թիֆլիս հաստատուեցաւ։ «Պոէմներ» խորագրով երկրորդ
գիրք մը հրատարակեց 1903ին, որուն յաջորդեց «Երգեր ու վէրքեր»ու
ընդլայնուած հրատարակութիւնը 1908ին։
Մինչ
այդ, 1905ի յեղափոխութեան հետեւած քաղաքական գործունէութիւնը խափանելու
նպատակով, ռուս կառավարութիւնը 1908ին արշաւի մը ձեռնարկեց երկրի
յեղափոխական շարժումներուն դէմ։ Իսահակեան Հ.Յ.Դ.ի գործով ձերբակալուած 158
մտաւորականներէն ու գործիչներէն մէկն էր։ Ան մեծ գրաւի դիմաց ազատ
արձակուեցաւ՝ Թիֆլիսի Մետեխի բանտը կէս տարի անցնելէ ետք։ 1910ին
բանաստեղծը ամուսնացաւ Սոֆիա Քոչարեանի հետ։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ
Անիի աւերակներուն մէջ։ Քաղաքական մթնոլորտը անշնչելի էր, ու այդ
յոռետեսութեան արդիւնքներէն կարելի է նկարել հռչակաւոր «Աբու-Լալա Մահարի»
վիպերգը, որ գրուած է 1909-1910ին։ Այդ տարի, նորապսակները նախ Պոլիս
անցան, ուր լոյս տեսաւ վիպերգը, եւ ապա Եւրոպա, իրենց նորածին որդիին՝
Վիգէնի հետ։
Իսահակեան
հաստատուեցաւ Պերլին, ուր 1914ին Գերմանա-Հայկական Ընկերութեան
հիմնադիրներէն մէկը դարձաւ խումբ մը հայ եւ գերմանացի մտաւորականներու հետ։
1916ին փոխադրուեցաւ Ժընեւ, ուրկէ շարունակեց հետեւիլ Հայկական Հարցին,
ինչ որ ցոլացում գտաւ իր բանաստեղծութիւններուն, օրագրային նշումներուն եւ
յօդուածներուն մէջ։ Ան սկսաւ գրել վէպ մը՝ «Ուստա Կարօ», որ կը միտէր
ներկայացնել քսաներորդ դարակիզբի հայ քաղաքական կեանքը, եւ որ սակայն
անաւարտ մնաց՝ հակառակ երկար տարիներու աշխատանքին։ 1920ին ու 1922ին երկու
բանաստեղծական ժողովածու հրատարակեց, ինչպէս եւ «Սասմայ Մհեր» վիպերգի իր
առաջին տարբերակը։
Իսահակեան
Վենետիկ փոխադրուած էր 1921ին, ուր եւ ապրեցաւ մինչեւ 1926։ Այդ տարի
Խորհրդային Հայաստան մեկնեցաւ, իր ընտանիքը Փարիզ ձգելով։ Չորս տարի
Հայաստան մնալէ ետք, 1930ին բանաստեղծը Փարիզ վերադարձաւ, ուր զբաղեցաւ
խորհրդահայ վարչակարգի տարբեր նախաձեռնութիւններու քարոզչութեամբ։ 1936ին
վերջնականապէս Հայաստան հաստատուեցաւ՝ հանդերձ ընտանեօք։
Ստալինեան
ժամանակներուն, Իսահակեան մնաց հայ գրականութեան «վարպետը», այս տիտղոսին
բաժնեկից ըլլալով նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի հետ, ու շարունակեց գրել ու
հրատարակել։ 1943ին ընտրուեցաւ նորաստեղծ Գիտութիւններու Ակադեմիայի անդամ,
իսկ երեք տարի ետք ստացաւ Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակը։ 1946ին
ալ նշանակուեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ, այս պաշտօնը
վարելով մինչեւ իր մահը՝ 17 Հոկտեմբեր 1957-ին։
Աւետիք
Իսահակեան թաղուեցաւ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ, Երեւան, ուր իր
տուն-թանգարանը բացուեցաւ 1963ին։ Աւելի ուշ, ուրիշ տուն-թանգարան մը
բացուեցաւ Գիւմրիի մէջ։ Բանաստեղծին արձանները կանգնած են երկու
քաղաքներուն մէջ, իսկ Հայաստանի տարբեր քաղաքներու դպրոցներ, փողոցներ ու
գրադարաններ անոր անունը կը կրեն։