Մկրտիչ Փորթուգալեան իր կեանքին վերջին կէսը անցուցած էր իր հայրենիքէն հեռու, բայց երբեք չէր դադրած գործելէ անոր համար, դառնալով հայ յեղափոխական շարժման ռահվիրաներէն մէկը։
Ծնած է Գումգափու (Պոլիս), 21 Հոկտեմբեր, 1848ին։ Իր տարրական ուսումը ստացած է Պէզճեան վարժարանին մէջ։ 1859ին կորսնցուցած է հայրը։ 1862ին անցած է Սամաթիոյ Սահակեան վարժարան՝ զայն աւարտելով 1863ին։ Աշխատած է իր ֆրանսացի ուսուցիչ ու գրավաճառ Փիեռ Թրուայի քով, անոր օգնելով «Հայկական Հարցը» հայերէն ու ֆրանսերէն գրքոյկի հրատարակութեան (1864)։
1865ին մօրը մահէն ետք, Փորթուգալեան գրախանութ մը բացած է 1866ին ու երկու տարի հոն աշխատած, մինչ մասնաւոր դասեր կու տար բարեկեցիկ հայերու զաւակներուն։ 1868ին ստիպուած է փակել գրախանութը։ Ծանօթացած ու կապ հաստատած է ժամանակաշրջանի մեծանուն դէմքերու հետ, ինչպէս Խրիմեան Հայրիկ, Գրիգոր Օտեան եւ Ներսէս արք. Վարժապետեան։
1869ին թոքաթցի երկու հայեր իրենց ծախսով զինք ղրկած են, որպէս ուսուցիչ տեղական Ոսկեան ճեմարան։ Աշխատած է բարելաւել դպրոցին ու տեղական հանրային կեանքին մակարդակը։ Ամուսնացած է 1871ին ու բացած՝ Վարդանեան աղջկանց վարժարանը՝ 40 աշակերտներով (1872)։ Կրթական ու հանրային արթնացման իր գործունէութիւնը բախած է պահպանողական տարրերու ընդդիմութեան, որոնք ի վերջոյ զինք մատնած են օսմանեան կառավարութեան իբրեւ՝ յեղափոխական։ Որպէս արդիւնք, Փորթուգալեան ետ կանչուած է Պոլիս։ Սակայն, յաջորդ տարի վերադարձած է՝ պայքարը շարունակելու նպատակով, ափսոս որ՝ ձերբակալուած ու բանտարկուած է։ Միայն Սեբաստիոյ կառավարիչին միջամտութեամբ ազատ արձակուած է 1874ին, որմէ ետք վերադարձած է Պոլիս։
Օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ, ան խմբագրած է «Ասիա» պարբերականը, ուր պահպանողական տարրերու դէմ իր պայքարը շարունակած է։ Սակայն, պարբերականը փակուած է 1875ին։ Փորթուգալեան հիմնած է «Վարազդատեան» ընկերութիւնը՝ դասախօսութիւններով եւ դասընթացքներով ժողովուրդի լուսաւորութեան սատարելու համար, եւ աշխատակցած է պոլսահայ ու կովկասահայ մամուլին՝ կեղծանունով։
Փորթուգալեան 1876ին եղած է «Արարատեան» ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկը, որ իր գործունէութեան կեդրոնը հաստատած է Վանի մէջ։ Այդ գործունէութիւնը, ի հարկէ, լաւ աչքով դիտուած չէ իշխանութիւններուն կողմէ։ Իբրեւ արդիւնք, փախուստ տուած է Կովկաս՝ Թիֆլիս մնալով մինչեւ 1879։ Վերադառնալով Վան, հիմնած է ուսուցչանոց մը «Արարատեան» ընկերութեան հովանաւորութեամբ, որ նաեւ կը հովանաւորէր քաղաքի վեց դպրոցները։
Փորթուգալեանի գործունէութիւնը մտահոգութեան աղբիւր էր Պոլսոյ ղեկավարութեան համար։ 1880ին ետ կանչուած է եւ ուսուցչանոցը՝ փակուած։ Սակայն, ան վերադարձած է Վան 1881ին, հիմնելով Կեդրոնական վարժարանը։ Վարժարանը փակուած է 1885ին, բայց նոյն տարին անոր շրջանաւարտները պիտի դառնային հայկական առաջին քաղաքական կուսակցութեան՝ Արմենական Կազմակերպութեան հիմնադիրները։ Հետապնդումներէ խուսափելով, Փորթուգալեան, իր կինն ու երկու դուստրերը մեկնած են արտասահման ու հաստուած՝ Մարսէյլ։ Օգոստոս 1, 1885ին, հոն լոյս կը տեսնէր «Արմենիա» շաբաթաթերթին առաջին թիւը՝ Փորթուգալեանի խմբագրութեամբ։
Անխոնջ հայրենասէրը աշխատած է միացնել քաղաքական բոլոր ճիգերը մէկ կազմակերպութեան շուրջ, 1886ին հիմնելով Հայոց Հայրենասէրներու Միութիւնը։ Սակայն, որոշ անդամներ, որոնց շարքին Աւետիս եւ Մարօ Նազարբէկ զոյգը, ձախողելով Միութիւնը ընկերվարական կազմակերպութիւն մը դարձնելու իրենց նպատակին մէջ, անջատուած են անկէ ու հիմնած է՝ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը 1887ին՝ Ժընեւի մէջ։ Յաջորդ տասնամեակներուն, Փորթուգալեան իր հանրային գործունէութիւնը կեդրոնացուցած է իր թերթին շուրջ, որ իր ազդեցութիւնը տարածած է Եւրոպայի հայերուն վրայ։ Ան «Արմենիա»յի խմբագիրը, սրբագրիչը եւ ցրուիչը պիտի ըլլար, ու իր աղջիկները՝ գրաշարները։ Իր հանրային կեանքի 40ամեակը նշուած է 1913ին Պոլսոյ մէջ։
Մկրտիչ Փորթուգալեան խմբագրած է «Արմենիա»ն մինչեւ իր մահը Մարսէյլի մէջ, 27 Սեպտեմբեր, 1921ին։ Անոր քաղաքական ժառանգութիւնը պիտի շարունակուէր։ Մահէն չորս օր ետք՝ Հոկտեմբեր 1ին, իր շունչին ազդեցութեամբ հիմնադրուած Արմենական Կազմակերպութեան մնացորդացը պիտի միանար երեք այլ քաղաքական կուսակցութիւններու հետ՝ կազմելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։