“Man” հանդէսին մէջ, գրախօս մը գրած է. «Արդիւնքը՝ ճամբորդական նոթերու եւ տպաւորութիւններու, պատմական եւ հնագիտական հետազօտութեան, քաղաքական խորհրդածութեան եւ աշխարհագրական տեղեկատուութեան՝ հոյակապ կերպով հրատարակուած ու պատկերացարդուած այս խառնուրդն է»։ Խօսքը Հենրի Ֆիննիս Պլոս Լինչի “Armenia: Travels and Studies” («Հայաստան. Ճամբորդութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ») հատորի մասին էր, որ 20րդ դարու սկզբնաւորութեան Հայաստանի մասին պատմական ու աշխարհագրական տեղեկատուութեան առաջնակարգ աղբիւրը դարձած է՝ անգլերէն լեզուով։
Լինչ անգլիացի ճամբորդ եւ քաղաքագէտ մըն էր՝ հայկական ծագումով։ Մօրենական մեծ հայրը՝ Ռոպըրթ Թայլըր՝ անգլիական Արեւելա-Հնդկական Ընկերութեան քսանամեայ զինուորական մըն էր, որ Պարսկաստան ուղարկուած եւ Շիրազի հայ վաճառականի մը 12ամեայ դստեր՝ Ռոզի հետ փախած էր 1790ական թուականներուն։ Անոր դուստրերէն մէկը՝ Գարոլայն, ամուսնացած էր հազարապետ Հենրի Պլոս Լինչի հետ, որ կը պատկանէր Արեւելա-Հնդկական Ընկերութեան նաւատորմիղին։ 1841ին վերջինս հիմնած է «Լինչ եղբայրներ» ընկերութիւնը Պաղտատի մէջ, որ Մեծն Բրիտանիայէն դէպի Միջագետք ապրանք կ՚արտածէր, երկու եղբայրներու հետ։ Այդ եղբայրներէն մէկը՝ Թոմըս, որ Տապլինի Թրինիթի գոլէճի դասական գիտութիւններու մասնագէտ էր, ամսունացած է Գարոլայնի քրոջ՝ Հարիէթի հետ, որ Հ. Ֆ. Պ. Լինչի մայրը դարձած, իսկ միւս եղբայրը՝ Սթիվըն, ամուսնացած է ուրիշ հայ վաճառականի մը աղջկան հետ։
Հենրի Ֆ. Պ. Լինչ ծնած է 18 Ապրիլ, 1862ին, Լոնտոնի մէջ։ Ուսումը ստացած է Էթոն գոլէճի, Հայտըլպէրկի համալսարանի (Գերմանիա) եւ Գեմպրիճի Թրինիթի գոլէճին մէջ։ Իրաւաբանական կրթութիւն ստանալով, այս ճիւղը ձգած է՝ «Լինչ եղբայրներ»ու մէջ աշխատելու համար։ 1880ական թուականներու վերջաւորութեան, մեկնած է Պաղտատ՝ ընկերութեան գործերուն ծանօթանալու եւ զայն Պարսկաստանի մէջ տարածելու համար։ 1896ին ընկերութեան նախագահը դարձած է։
Մինչ այդ, իր հայկական ծագումը (որուն չէ անդրադարձած գիրքին մէջ) թերեւս զինք մղած է եօթ ամսուան ճամբորդութիւն մը կատարելու թրքական եւ ռուսական Հայաստանի մէջ, 1893-1894ին, որուն ընթացքին ներկայ գտնուած է Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոսական գահակալութեան։ Երկրորդ, չորս ամսուան ճամբորդութիւն մը կատարած է 1898ին՝ Ֆ. Օսվալտի ընկերակցութեամբ, որուն հետ միասին արտադրած է պատմական Հայաստանի ու դրացի երկիրներու մանրամասն քարտէս մը։ Երեք տարի ետք, լոյս ընծայած է իր երկհատոր գիրքը՝ «Հայաստան»։ Գիրքը վերատպուած է 1967ին, 1990ին եւ 2011ին։ 1990ի վերատպումը կատարուած է Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ։ Երկհատոր հրատարակութիւնը՝ քարտէսի գունաւոր վերատպութեամբ, շուտով սպառած է։ Հատորը երկիցս հայերէնի թարգմանուած է (Լոնտոն՝ 1902, եւ Կ. Պոլիս՝ 1913-1914)։ Լինչ գրած է Անիի Մայր Տաճարին մասին. «Այս տարբեր յատկանիշներուն մեր ուսումնասիրութենէն կրած տպաւորութիւնը այն է, որ մեզի ներկայացուած է գեղարուստական բարձրագոյն արժանիք ունեցող յուշակոթող մը, որ ցոյց կու տայ մշակոյթի չափանիշ մը, որ շատ աւելի յառաջացած էր, քան Արեւմուտքի ժամանակակից չափանիշերը»։
1906-1910ին, Լինչ բրիտանական Խորհրդարանի երեսփոխան եղած է՝ Ռիփոն քաղաքի կողմէ։ Յանկարծամահ եղած է Գալէի մէջ (Ֆրանսա), 24 Նոյեմբեր 1913ին։